2013-11-17 09:34:50

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի լիանիստ հաւաքը` նոյեմբեր 19-22։


Նոյեմբեր 19-22 Վատիկանի մէջ տեղի կ'ունենայ, ''կաթողիկէ արեւելեան եկեղեցիները եւ վատիկանեան երկրորդ տիեզերական ժողովի 50-րդ տարեդարձը'' նիւթով` Արեւելեան եկեղեցիներու լիանիստ հաւաքը։
Ժողովը բարեպատեհ առիթ մը կը հանդիսանայ խորհրդածելու վատիկանեան եկրորդ տիեզերական ժողովի մեծարժէք ժառանգութեան` քրիստոնեայ Արեւելքին համար, ու այս ծիրէն ներս յատկապէս ` ''Արեւելեան Եկեղեցիները'' վաւերաթուղթը, 1990-ին լոյս տեսած ''Արեւելեան կանոնագիրքը'', Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի ''Արեւելեան լոյս'' առաքելական թուղթը եւ Լիբանանի մէջ ստորագրուած Պենետիկտոս ԺԶ-ի ''Միջին Արեւելքի եկեղեցին'' յորդորագիրը։

Սոյն վաւերաթուղթերէն ի յայտ կու գայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ աճող հոգատարութիւնը հանդէպ Արեւելածէս կաթողիկէներուն։

Լիանիստ ժողովի ընթացքին Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովը յատուկ ուշադրութեամբ պիտի քննարկէ երեք երեւոյթներ` ծիսակատարութիւնը, կղերին կազմաւորումը ու Աստուծոյ ժողովուրդին հովութիւնը։

Հինգշաբթի 21 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը ութին, Կարտինալ Լէօնարտօ Սանտրի` կառավարիչը Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին, պիտի հանդիսապետէ համապատարագ մը ժողովական հայրերու մասնակցութեամբ, Ամենակալ Տիրոջմէն հայցելու խաղաղութեան ու հաշտութեան շնորհքը` Ս. Երկրի, Սուրիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի եւ բոլոր Միջին Արեւելքին համար։

Սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Հռոմի Արեւելեան դպրեվանքերու մեծաւորներն ու աշակերտութիւնը։

Վերոյիշեալ Սրբազան արարողութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպում պիտի ունենայ Պատրիարքներու եւ Աւագ Եպիսկոպոսապետերուն հետ եւ իւրաքանչիւր եկեղեցականին առիթ պիտի ընծայուի ներկայացնելու ''արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակը'' նիւթին մասին զեկոյց մը, մասնաւորապէս անդրադառնալով հետեւեալ երեք աշխարհամասերու` Միջին Արեւելքը, Արեւելեան Եւրոպան եւ Հնդկաստանը ու անոնց լայնատարած սփիւռքը։

Կէսօրին Սրբազան Քահանայապետը պիտի ընդունի լիանիստ ժողովի մասնակցող բոլոր անդամները եւ ճառ մը պիտի ուղղէ անոնց։ Պատրիարքներն ու աւագ եպիսկոպոսապետերը Սրբազան Քահանայապետին ճաշի հիւրը պիտի ըլլան։

Կիրակի 24 նոյեմբերին` ըստ լատինաց` Քրիստոս Թագաւոր ու Տիեզերքի Տէր տօնին օրը, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիսաւոր պատարագով պիտի եզրափակէ ''Հաւատքի Տարին''։ Սրբազան ծիսակատարութեան հրաւիրուած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու, Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու հովիւները, որպէս նշան իրենց կատարեալ յարումին ս. Պետրոսի յաջորդին եւ որպէս վեհանձն վկայութիւն իրենց հաւատքին` քրիստոնեաներու միութեան ի նպաստ։








All the contents on this site are copyrighted ©.